Բնիկներու արուեստ. Կապակցութիւն Երկրին հետ և պատուհան մը դէպի անցեալը

Lead Image.jpg

Gamilaraay/Bigambul and Yorta Yorta artist Arkeria Rose Armstrong Credit: Arkeria Rose

Get the SBS Audio app

Other ways to listen

Պահպանելով իրենց բանաւոր աւանդութիւնները, Ապօրիճին և Թորրես Նեղուցի Կղզեցի ժողովուրդներ արուեստը օգտագործած են որպէս միջոց փոխանցելու համար իրենց մշակութային պատմութիւնները, հոգեւոր դաւանանքը և հողի վերաբերեալ էական գիտելիքները:


ԿԱՐԵՒՈՐ ԿԷՏԵՐ
  • Առաջին Ազգերու արուեստի գործերը բազմազան են և չեն սահմանափակուիր կէտաւոր նկարչութեամբ:
  • Արուեստը միջոց մըն էր մշակութային պատմութիւնները, հոգեւոր հաւատքները և գիտելիքները փոխանցելու սերունդէ սերունդ և կը շարունակուի այսօր:
  • Սոյն արուեստի գործերը կ’օգնեն արուեստագէտներուն որ կապուած մնան իրենց Երկրին հետ:
  • Խորհրդանիշներու մեկնաբանութիւնը կախեալ է արուեստագէտէն որ զայն կ'օգտագործէ:
Առաջին Ազգերու արուեստի գործերը աշխարհի ամենահիներէն են և ունին հարուստ պատմութիւն և 17,500 տարեկան է:

Այս արուեստի գործերը ծառայած են որպէս կենսական հաղորդակցութեան գործիքներ, որոնց միջոցով Ապօրիճին և Թորրես Նեղուցի Կղզեցի ժողովուրդներ շարունակաբար փոխանցած են իրենց մշակութային պատմութիւնները, հոգեկան հաւատքները և իրենց հողի վերաբերեալ էական գիտելիքները: 

Բնիկներու մշակոյթը հարուստ գործուածք մըն է, որ կ’ընդգրկէ տարբեր տեսակի արուեստի ոճեր և եղանակներ, որոնց իւրաքանչիւրը խոր կերպով արմատացած են Առաջին Ազգերու ժողովուրդներու անհատական Երկրին, մշակոյթին և համայնքին հետ:

Սակայն մարդիկ յաճախ սխալ պատկերացում ունին Ապօրիճին արուեստի վերաբերեալ, կը բացատրէ Մարիա Ուաթսըն-Թրատճէթ, Քուրի կին մը Ուիրատյուրի ժողովուրդէն:

Տիկին Ուաթսըն-Թրատճէթ, Առաջին Ազգերու խորհրդատու մըն է և ինքնուս արուեստագէտ մը որ մեծ յաճոյքով կը կիսէ իր ապօրիճին մշակոյթը:
MWT with artworks.JPG
Maria Watson-Trudgett is a First Nations consultant, a self-taught artist, and a storyteller Credit: Maria Watson-Trudgett Credit: Courtesy of Richmond Fellowship Queensland, 2019
“Որոշ մարդիկ կանխակալ գաղափարներ ունին որ կէտերով նկարելը աւանդական է և Ապօրիճին արուեստի միակ տեսակը: Սակայն այս շիտակ չէ:

“Մեր աւանդական արուեստը աւելի շատ գործիքներու վրայ նշաններ կերտելն էր ճանաչումի համար, ծառերու վրայ փորագրելը նշելու համար արարողութիւններ և թաղումի վայրեր, կամ մարմնի ներկ օգտագործելը արարողութեան համար,” կ'ըսէ ան:

Տիկին Ուաթսըն-Թրատճէթ կ’ըսէ որ կէտերով գծագրութիւնը առաջ եկաւ միայն 1970-ական թուականներուն : Այս փոքր Ապօրիճին համայնքը կը գտնուի Ալիս Սփրինկզի հիւսիս-արեւմտեան կողմը: Այնտեղ էր որ ապօրիճին արուեստագէտներ սկսան տախտակներու վրայ նկարել իրենց աւանդական պատմութիւնները օգտագործելով ակրիլային ներկեր:
Ապօրիճին արուեստի շատ մը ոճեր կան որ արուեստագէտներ կ’օգտագործեն իրենց պատմութիւնները և մշակոյթները փոխանցելու համար: Ապօրիճին մշակոյթը որեւէ բան է որ Ապօրիճին անձ մը կը ներկէ որ զիրենք կը միացնէ իրենց Երկրին և մշակոյթին հետ, և կը ստեղծէ … կապի և պատկանելիութեան զգացում մը [իրենց համար]:
Տիկին Ուաթսըն-Թրատճէթ

Մշակոյթը Կիսել

Տիկին Ուաթսըն-Թրատճէթ սկսաւ գեղանկարչութեամբ զբաղիլ 2009 թուականին հանգստանալու համար լիաժամ համալսարանական ուսումներէն: Սակայն շուտով եզրակացուց որ արուեստը աւելի մեծ նշանակութիւն ունի քան միայն “միտքը հանգստացնելը:”
Իմ պատմութիւնս այլ մարդոց հետ կիսելու մասին է, և իմ մշակոյթս կենդանի պահելու մասին է: Ինծի կ’օգնէ նաեւ որ կապուած մնամ Ապօրիճին մշակոյթին հետ, իմ Երկրիս հետ:
Տիկին Ուաթսըն-Թրատճէթ
Արքէրիա Ռոզ Արմսթրոնկ, Կամիլարայ/Պիկապալ և Եօրթա Եօրթա արուեստագէտ մը, ջերմօրէն կը յիշէ իր մեծ հայրը և մայրը: 

Անոր մեծ մայրը, Կամիլարայ երէց մը, շրջանի վերջին աւազով նկարիչներէն մէկն էր: 

“Ան իր պատմութիւնները կը պատմէր նստած գետնին, աւազէ Երկրին մէջ, և պատմութիւններ կը պատմէր աւազին վրայ,” կը բացատրէ ան:

Այս պատմութիւնները, սերունդերով իրար փոխանցուած են, ներառեալ ստեղծագործութեան պատմութիւններ, կենդանիներ, աստղեր, և իր մեծ մօր անձնական փորձառութիւնները Երկրին մէջ մեծցած ժամանակ: Իւրաքանչիւր պատմութիւն իր ուրոյն դասերը ունէր, կ’ըսէ ան:
IMG_0580.jpg
Art has always been part of Arkeria Rose Armstrong’s life. Credit Arkeria Rose Armstrong
“Ան կը նկարագրէր իր ճամբորդութիւնը և իր պատմութիւնները արուեստի գործերու միջոցով:”

Տիկին Արմսթրոնկ իր արուեստը կը նկարագրէ որպէս "միահիւսումը իր երկու Երկիրներուն:” 

Ան իր ներշնչումը կը ստանայ խորհրդանիշներէ և նկարաշարքերէ, որոնք իրեն փոխանցած է իր մեծ մայրը, մինչ իր մասնագիտական հմտութիւնները ազդուած են մեծ հօրմէ, որ նմանապէս արուեստագէտ մըն է:

Իր արուեստին միջոցով պատմութիւնները վերապատմելը, թոյլ կ’ուտայ Տիկին Արմսթրոնկի որ անդրադառնայ յարաբերութիւններու վրայ, որոնք կապուած են այդ պատմութիւններուն հետ, շատ մը յուզումներ յառաջացնելով - զգացում մը որ ան կը կիսէ իր աղջկան հետ:
Մշակոյթը շարունակելու համար, պէտք է տարածենք և պէտք է գործածենք մշակոյթը: Կիսելու համար մեր յաջորդ սերունդին հետ պէտք է ապահովենք որ այս խօսակցութիւնները կ’ունենանք անոնց հետ:
Արքէրիա Ռոզ Արմսթրոնկ

Կապակցութիւն Մշակոյթին հետ

Տաւինտըր Հարթ արուեստագէտ մըն է և անոր ընտանեկան արմատները Արեւմտեան Աւստրալիոյ Նունկար Երկրէն են: Ան իր մանկութիւնը անցուցած է Ատըլայտի մէջ, աւելի ուշ վերամիանալէ առաջ իր մշակոյթին հետ Նիու Սաութ Ուելսի Նիմպա Երկրին մէջ:

Պարոն Հարթ զգալի մարտահրաւէրներ դիմագրաւած է իր մանկութեան ժամանակաշրջանին, դպրոցը լքելով 16 տարեկանին, դժուարանալով գործ գտնել և պայքարելով թմրանիւթերու չարաշահումին դէմ: 

Սակայն իր հօրեղբայրներու և եղբայրներու օգնութեամբ և առաջնորդութեամբ, կրցած է իր կեանքը վերափոխել և վերամիանալ իր մշակոյթին հետ, որ յաճախ կ’արտացոլայ իր արուեստին մէջ: 

“Ես փախտաւոր էի որ հանդիպեցայ իմ հօրեղբայրներուս և եղբայրներուս հետ, որոնք ինծի սորվեցուցին պատմութիւններ Երկրի մասին, և այդ պատմութիւնները կը սորվեցնեն քեզի թէ ինչպէս պէտք է վարուիս … դրական լոյսի տակ, կ’ըսէ ան:”

Պարոն Հարթի համար, արուեստը միայն պատմութիւններ փոխանցելու միջոց մը չէ յաջորդ սերունդին, այլ բուժումի միջոց մըն է իրեն համար:
IMG_20231021_143030_105.jpg
Davinder Hart at Saudi Arabia, UN gala dinner, 2023. Credit Davinder Hart

Մաս կազմել կիսուած պատմուածքին

Տիկին Ուաթսըն կը բացատրէ որ Առաջին Ազգերը կրնան ներառել զանազան խորհրդանիշներ իրենց գործին մէջ, որոնցմէ ոմանք յատուկ են իրենց Երկրին, ինչպէս կենդանիներու հետքերը: 

Մինչ որոշ խորհրդանիշներ համընդհանուր են, ուրիշներ կրնան տարբեր նշանակութիւններ ունենալ տարբեր արուեստագէտներու համար:

“Խորհրդանիշներու մեկնաբանութիւնը կախեալ է զանոնք գործածող արուեստագէտներէն: Երբեք չ’ենթադրել որ խորհրդանիշներ կրնան նոյն բանը նշանակել տարբեր արուեստագէտներու համար,” կ’ըսէ ան: 
Տիկին Armstrong կ’ըսէ որ խօսակցութիւնը կարելի է սկսիլ հարցեր տալով թէ արուեստը ինչ պատմութիւն կը պատմէ: 

“Ով՞ է այդ Առաջին Ազգերու անձը: Ինչ՞ են այդ երկիրները և ինչի՞ կը նմանին: Երբ կը սկսիք այս հարցումները ընել կը սկսիք տեսնել և զգալ այդ մարդը,” կ'ըսէ ան:

“Իմ արուեստի գործը ներկայացնելու իմ նախընտրելի ձեւերէն մէկը ցուցահանդէսներն են, որով կարելի է նստիլ և երկար խօսակցութիւններ ունենալ մարդոց հետ արուեստի գործի վերաբերեալ:”

“Պարզապէս անկեղծ եղէք, մի վախնաք հարցումներ հարցնելու,” կ'ըսէ Պարոն Հարթ:

Share